2014-04-24 13:39:26

Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետի գործունէութիւնը` ''Գոհաբանական Պատարագ Սուրբ Խօսէ Անքիէթայի սրբադասման առիթով''։


Հինգշաբթի, ապրիլ 24-ի առաւօտեան ժամը 9,30-ին, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը, իր գրասենեակի մէջ ընդունեց Հարաւային Ափրիկէի խումբ մը եպիսկոպոսներ որոնք Հռոմ ժամանած են իրենց հնգամեայ կանոնական այցելութիւնը կատարելու Սուրբ Պետրոսի յաջորդին։
Սրբազան Քահանայապետը ապա ժամը 11-ին ընդունեց Ալպանիյաի վարչապետ` Տիար Էտի Ռամա, անոր կողակիցը եւ իրենց ընկերացող շքախումբը:
Հանդիպումի առթիւ Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակի հրատարակած մէկ հաղորդագրութիւնը կը յայտնէ թէ Ալպանիայի պատուիրակութիւնը հանդիպում ունեցաւ նաեւ Սուրբ Աթոռի Պետական Քարտուղար` Կարտինալ Փարոլինի եւ արտգործ նախարար գերապայծառ Մամպերթիի հետ
Հանդիպումներու ընթացքին – կը յայտնէ միշտ Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակը – անդրադարձ կատարուեցաւ երկու երկիրներու միջեւ գոյատեւող լաւ յարաբերութիւններուն մասին ինչպէս նաեւ ` եկեղեցական եւ քաղաքացիական հասարակութիւններու միջեւ կայացած կապերուն, միջկրօնական երկխօսութեան եւ Եկեղեցւոյ Ալպանիայի ընկերային կեանքին ու հասարակաց բարիքին ի նպաստ տուած սատարի մասին։ Խօսակցութեան նիւթ եղաւ նաեւ Ալպանիայի ընթացքը դէպի Եւրոմիութեան ամբողջական անդամակցութիւնը։
Վերոյիշեալ հանդիպումի աւարտին Սրբազան Հայրը ընդունեց Քորէայի Տայժոն թեմի եպիսկոպոս` գերապայծառ Լածարօ Եու Հէունկ Սիք, ուր, նշենք` 2014-ի օգոստոսին, Նորին Սրբութիւնը, առաքելական ճամբորդութիւն մը կատարելով պիտի հանդիպի Ասիայի երիտասարդներուն։
Ժամը 12-ին Ֆրանչիսկոս Պապը ընդունեց Կղերի Ժողովի կառավարիչ` Կարտինալ Պենիամինօ Սդելլա իսկ յետմիջօրէի ժամը 6-ին, Ան պիտի այցելէ Հռոմի ''Սանդ Ինիացիօ Տի Լոյոլա Ին Քամբօ Մարցիօ'' եկեղեցին ուր պիտի նախագահէ, անցեալ 3 ապրիլին սուրբ հռչակուած` ''Սուրբ Խօսէ Անքիէթայի'' նուիրուած գոհաբանական Պատարագին։
Սուրբ Խօսէ Անքիէթայ եղած է Պրազիլի առաքեալ։ 19 ամեայ Յիսուսեան միաբանը Պրազիլ ժամանած է 1500-ին, ուր տեղական լեզուն սորվելէ ետք իր ամբողջ կեանքը նուիրած է` աւետարանը քարոզելով տեղացի Ինտիոսներուն։ 1980 թուականին Յովհաննէս Պօղոս Բ երջանկայիշատակ Քահանայապետը զայն երանելի հռչակած էր զինք որակելով ''անխոնջ ու հանճարեղ քարոզիչ'' որ արժանի է կոչուելու` ''Պրազիլի առաքեալ''։
Անցեալ 3 ապրիլին Խօսէ Անքիէթայ սուրբ հռչակուեցաւ Ֆրանչիսկոս Քահանայապետի հրամանով։








All the contents on this site are copyrighted ©.